2014-06-10 10:40:02

Ֆրանչիկսոս Քահանայապետի 10 Յունիսի թուիթը`Անգլիոյ Կառավարութեան բռնաբարութիւններու կանխարլգիլման վեհաժողովի առթիւ


Երեքշաբթի, 10 Յունիսին, Անգլիոյ կառավարութիւնը վեհաժողով մը գումարած է, պատերազմներու ընթացքին գործուած սեռային բռնաբարութեան քստմնելի արարքները կանխարգիլելու համար։

Այս առթիւ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր թուիթերեան կայքին վրայ հրատարակեց թուիթ մը որուն մէջ աղօթք խնդրեց բռնաբարութիւններու զոհերուն դիտաւորութեան, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց համար որոնք կը պայքարին կասեցնելու համար վերոյիշեալ արարքները։
''Աղօթենք, հակամարտութիւններու ընթացքին, սեռային բռնաբարութեան բոլոր զոհերուն համար, ու նաեւ բոլոր անոնց որ սոյն ոճիրին դէմ պայքար կը մղեն'' (#TimeToAct) գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը իր թուիթին մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.